2015-04-21 09:42:00

Խաչքարի բացման արարողութիւն` Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ


Երկուշաբթի, 20 ապրիլ 2015, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանին մէջ` Ֆանար, տեղի ունեցաւ խաչքարի բացում` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ։

Բացման խօսքը արտասանեցին աշակերտներ Քրիստին Ճիպելեան եւ Ռոտրիկ Սեփեթճեան: Անկէ ետք Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն քոյր Արմինէ Մակարոսեան խօսք առաւ: Ան հակիրճ կերպով լուսարձակի տակ առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան առաքելութիւնը անցեալէն ցայսօր եւ խօսեցաւ խաչքարի հայաշունչ, մարդկային եւ քրիստոնէական խորհուրդին մասին:

Իր կարգին, Հրանուշ Յակոբեան քանի մը խօսքով ողջունեց ձեռնարկը` տեսաուղերձի (համացանցի) միջոցով:

Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխացաւ Յակոբ Քելուկեանի կատարողութեամբ` «Վարդանի մօր ողբը» երաժշտութեան տուտուկի վրայ նուագով:

Ապա, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը նոր զետեղուած խաչքարի օրհնութիւնը կատարեց: «Գեղակերտ խաչքարը, զոր օրհնեցինք եւ որուն բացումը կատարեցինք, շօշափելի մէկ արտայատութիւնն է հայոց գողգոթան եւ ապա հրաշափառ յարութիւնը խորհրդանշող այն խաչին, որուն ներշնչումով գործած են եւ կը շարունակեն գործել Անարատ յղութեան հայ քոյրերը 1847-էն ի վեր», յայտնեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը: Հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ազգանուէր պատմութեան: Ան աւելցուց, որ 2015 տարեթիւը պատմականօրէն նշանակալից է համայն հայութեան համար:

«Սրբազան պապը իր վկայութեամբ ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը: Ան յանցագործութեան մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պատմական իրողութեան դիմաց», շեշտեց հոգեւոր տէրը` ողջունելով սրբազան քահանայապետին առած վերջին քայլը:

Խաչքարի կանգնեցման առիթով ան ըսաւ, թէ խաչքարը  հայու ինքնութեան կառչելու առօրեայ յուշարար մը պիտի ըլլայ:

Յաջորդիւ, «Տէր ողորմեա»-ով` հարիւր աշակերտներ հարիւր մոմ վառեցին խաչքարին կողքին: Ապա, ցեղասպանութեան նկարներով տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ, որմէ ետք Շահէ Պոյաճեանին յուշանուէր շնորհուեցաւ խաչքարի բացման առիթով իր օժանդակութեան համար:

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ օրուան գլխաւոր բանախօսն էր: Նախարարը նախ ըսաւ, թէ Հայ դատը հայուն առօրեային, մշակոյթին մաս դարձած է, եւ այնքան ատեն որ իրաւունքի մը ետին պահանջատէր կայ, անմահ կը մնայ անիկա: Ապու Սաապ ներկաներուն յայտնեց, որ ինք ընտանեօք առնչուած է հայերու ցեղասպանութեան դատով, քանի որ իր կնոջ` Ժուլիա Պութրոսի մեծ մայրն ու մեծ հայրը ցեղասպանութենէն վերապրողներ են:

Երէկն ու այսօրը իրարու յար ու նման են` ըստ նախարարին: Հարիւր տարի ետք` այսօր, տեղաբնիկ քրիստոնեաներու դէմ բռնագաղթ, սրբապղծումներ եւ բռնարարքներ կը վկայենք` շրջանի կարգ մը երկիրներու մէջ, յետադիմական ոճրագործ ուղեղներու պատճառով: Ապա, Ապու Սաապ` ի ցնծութիւն ներկայ բազմութեան յայտարարեց, որ Ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, Լիբանանի բոլոր` պետական եւ սեփական վարժարանները եւ արհեստից-արուեստից դպրոցները պիտի փակեն իրենց դռները:

«Որպէսզի ձայնը բարձր հնչեցնենք եւ ամբողջ աշխարհին մէկ պատգամ փոխանցենք երէկուան եւ այսօրուան յանցագործներուն, որովհետեւ ժողովուրդներուն յիշողութիւնը չի ջնջուիր եւ պատմութիւնը չի ներեր: Ողորմութի՛ւն եւ փա՛ռք հայ նահատակներուն արեան: Թո՛ղ հայոց դատը կենդանի մնայ մինչեւ ճանաչում, ներում եւ հատուցում: Կեցցէ՛ք, կեցցէ՛ հայ-լիբանանցի եղբայրութիւնը, կեցցէ՛ Լիբանանը» ըսելով բանախօսը եզրափակեց իր ուղերձը:








All the contents on this site are copyrighted ©.